ԱՂՕԹՔ՝ ԲԺՇԿՈՒԹԵԱՆ/AGHOTK PJESHGOUTYAN

Описание к видео ԱՂՕԹՔ՝ ԲԺՇԿՈՒԹԵԱՆ/AGHOTK PJESHGOUTYAN

Written by Vrouyr Demirjian
Վրոյր Տէմիրճեան

Read by Mayda Tatoyan Movsessian
Մայտա Թադոյեան Մովսէսեան

ԱՂՕԹՔ՝ ԲԺՇԿՈՒԹԵԱՆ

Տէր Աստուած ամենակալ, դուն արդար, սուրբ եւ ճշմարիտ ես։ Դուն ողորմած եւ կեանք պարգեւողն ես։ Քեզմով է ցաւերու բժշկութեան բուժումը։ Դուն այնքան սիրեցիր մեզ, որ նոյնիսկ քու Միածին Որդիդ՝ Յիսուս Քրիստոսը ուղարկեցիր մեզ մահէն փրկելու եւ առաւել կեանքի առաջնորդելու։Դու՛ն ով հայր բարեգութ, շնորհքով եւ ողորմութեամբ լեցուն ես։ Կը պաղատինք քեզի, որ ներես մեզ մեր մեղքերն ու յանցանքները։ Տէր Յիսուս, քեզմով կը կատարուին բոլոր բժշկութիւնները։ Դուն հրաշագործ Աստուած ես. քու էութեանդ մէջ բուժման պարգեւը կենդանի է։ Մենք կը հաւատանք, որ դուն կարող ես բժշկել եւ պաշտպանել մեզ չար թշնամիներէն եւ մեր հոգւոյն մահէն։ Դու՛ն Տէր, հիւանդներուն համար բուժիչ բալասան ես։ Դուն ներքնապէս կը մաքրես մեզ եւ դարձեալ քեզմով ծնունդ կու տաս։ Դուն խաղաղութեան մաքուր սիրտ պարգեւողն ու լոյսն ես։ Քու ճանապարհդ երկնային յոյսի ճանապարհ է եւ ձեռքերուդ հպումը ցաւերու ու տառապանքներու փարատման գործիք։ Դուն կեանքի որթատունկն ես եւ մենք ճիւղերը։ Դու՛ն Տէր, մեր դեղն ես ու կեանքը։ Մենք առանց քեզի ոչինչ ենք։ Այս պահուն, կատարեալ հաւատքով ու վստահութեամբ կը մօտենանք քեզի, որովհետեւ դու՛ն ես ամենամեծ բժիշկը։ Դուն խոստացար մեզի ըսելով. «Ինչ որ խնդրէք իմ անունովս՝ պիտի տրուի ձեզի»։ Դու՛ն կը բուժես, դու՛ն կը պաշտպանես, դու՛ն կը հոգաս, դուն կը սիրես։ Դուն ով Տէր, բարի ես, դուն մեր Տէրն ու արարիչն ես։ Դուն գիտես մեր մտածումները, մեր աղաղակներն ու աղերսանքները։ Դուն հրաշալի ես, բուժէ՛ մեզ Տէր, քու կամքիդ համաձայն, Յիսուս Քրիստոսի անունով։ Ամէն։

Комментарии

Информация по комментариям в разработке