Նիւթ, (ՍԻՐՈ ԶԳԱՑՈՒՄԸ) ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 4։7-21

Описание к видео Նիւթ, (ՍԻՐՈ ԶԳԱՑՈՒՄԸ) ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 4։7-21

ԱՍՏՈՒԱԾ ՍԷՐ Է
7Սի՛րելիներ, մէկզմէկ սիրենք, վասն զի սէրը Աստուծմէ է։ Ամէն ով որ կը սիրէ՝ Աստուծմէ ծնած է ու կը ճանչնայ Աստուած։ 8Ան որ չի սիրեր՝ Աստուած չի ճանչնար. վասն զի Աստուած սէր է։ 9Այս բանին մէջ Աստուծոյ սէրը մեր վրայ յայտնի եղաւ, որ Աստուած իր միածին Որդին աշխարհ ղրկեց, որպէս զի անոր միջոցով ապրինք։ 10Այս բանին մէջ է սէրը, որ ո՛չ թէ մենք սիրեցինք Աստուած, հապա որ անիկա մեզ սիրեց ու իր Որդին ղրկեց մեր մեղքերուն քաւութիւն ըլլալու։ 11Սի՛րելիներ, եթէ Աստուած մեզ այսպէս սիրեց, ուրեմն մենք ալ պարտաւոր ենք մէկզմէկ սիրել։ 12Մէկը երբեք Աստուած տեսած չէ։ Եթէ մէկզմէկ սիրենք, Աստուած մեր մէջ պիտի բնակի ու Անոր սէրը կատարեալ պիտի ըլլայ։ 13Ասով գիտենք թէ մենք անոր մէջ կը բնակինք ու անիկա մեր մէջ, որ իր Հոգին մեզի տուաւ։ 14Մենք տեսանք ու կը վկայենք թէ Հայրը իր Որդին ղրկեց աշխարհի Փրկիչը ըլլալու։ 15Ով որ կը դաւանի թէ Յիսուս Աստուծոյ Որդին է, Աստուած անոր մէջ կը բնակի, ան ալ՝ Աստուծոյ մէջ։ 16Մենք ճանչցանք ու հաւատացինք թէ Աստուած մեզ կը սիրէ։ Աստուած սէր է։ Ան, որ սիրոյ մէջ կը բնակի, Աստուծոյ մէջ կը բնակի ու Աստուած՝ անոր մէջ։ 17Ասով սէրը մեր վրայ կատարեալ կ’ըլլայ, որպէս զի համարձակութիւն ունենանք դատաստանին օրը, վասն զի ինչպէս է ինք, նոյնպէս ալ մենք ենք այս աշխարհի մէջ։ 18Սիրոյ մէջ վախ չկայ, հապա կատարեալ սէրը վախը մէկդի կը վանէ. վասն զի վախը տանջանքի ենթակայ է։ Ուստի ան որ կը վախնայ, սիրոյ մէջ կատարեալ չէ։ 19Մենք զանիկա կը սիրենք, վասն զի ան առաջ մեզ սիրեց։ 20Եթէ մէկը կ’ըսէ թէ «Ես Աստուած կը սիրեմ» ու իր եղբայրը ատէ, անիկա ստախօս է. քանզի ան որ իր եղբայրը չի սիրեր՝ որ կը տեսնէ, Աստուած՝ որ չի տեսներ, ի՞նչպէս կրնայ սիրել։ 21Աստուած այս պատուէրը տուած է. «Ան որ Աստուած կը սիրէ, իր եղբայրն ալ պէտք է սիրէ»։
ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 4։7-21

Комментарии

Информация по комментариям в разработке