Բողոքել Օլիմպիականը ի ՍԷՐ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Описание к видео Բողոքել Օլիմպիականը ի ՍԷՐ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Անոնք, որոնք կը փափաքին իրենց բողոքը յայտնել Ողիմպիական Խաղերու Կարգադիր Յանձնախումբին (IOC), կրնան դիմել հետեւեալ հասցէին.

Ներքեւում կարող եք հայտնել ձեր բողոքը.
Հասցեն👇
https://support.olympics.com/hc/en-gb...

Նորին Ամենապատուութիւնը ապա անդրադարձաւ Փարիզի ողիմպիական խաղերու բացման հանդիսութեան եւ այդ ընթացքին Քրիստոսի վերջին ընթրիքը կատակերգութեան վերածելով ցուցադրութեան։ Ըսաւ թէ ողջ քրիստոնէութիւնը անհանգիստ է բեմադրուած այդ անճոռնի տեսարանէն, որպէս թէ Տա Վինչիի աշխարհածանօթ սրբանկարին ակնարկելով, Քրիստոսի փոխարէն դրուած է գէր կին մը եւ առաքեալներուն փոխարէն՝ ԼԿՊԹական անձեր: Քրիստոս եւ քրիստոնէութիւնը կ’արհամարհուի արեւմուտքի մէջ: Ոմանք այս տեսարանները կը դիտեն որպէս ազատութեան երեւոյթներ: Մենք կը հակազդե՞նք: Ի՞նչ կը պատահի: Քրիստոնեաներու սէրը կը պակսի: Եթէ քրիստոնեաներ սէր ունենան՝ ցաւ պիտի զգան ի տես այս դէպքին: Պէտք է հակազդենք, պէտք է բողոքենք: Նորին Ամենապատուութիւնը ըսաւ թէ ամէն մարդ պարտի իր կողմը ցոյց տալ եւ ինք՝ որպէս Հայոց Պատրիարք պիտի չդիտէ ողիմպիական խաղերը, որով միջազգային խաղաղութեան, եղբայրութեան չեն ծառայեր, ընդհակառակը՝ լաւ բաները գործածելով սատանայի առաքելութեան կ՚օժանդակէ: Այս բաները մեր մանուկներուն եւ երիտասարդներուն հոգիներուն մէջ կը դրուին որպէս վիրիւսներ: Ցաւօք սրտի Քրիստոնեաներ չեն հակազդեր, չեն բողոքեր: Նորին Ամենապատուութիւնը յայտարարեց թէ վաղն իսկ ողիմպիականներու կարգադիր յանձնախումբին բողոքի նամակ պիտի գրէ: «Մենք պէտք է պաշտպանենք մեր սրբութիւնները»

Комментарии

Информация по комментариям в разработке