ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ
Ովսաննա Օրհնեալ Եկեալ Անուամբ Տեառն Տիրոջ անունով եկողին փառք ըլլայ։
Ծաղկազարդը աստուածայայտնութեան տօներէն մէկն է։ Տէր Յիսուս Քրիստոս երեք տարի քարոզեց, հրաշքներ գործեց եւ սորվեցուց։
Ծաղկազարդէն քանի մը շաբաթ առաջ, Տէր Յիսուս Թափոր լեռ բարձրացաւ,հոն աշակերտներուն առջեւ իր կերպարանքը փոխուեցաւ։
Երբ վար կ'իջնէին Յիսուս անոնց 'Մարդու Որդին պէտք է մատնուի, չարչարուի, հալածուի եւխաչուի" ըսաւ։ Աշակերտները Տիրոջ ըսածները չհասկցան։ Թէեւ այս մարգարէութիւնները Հին Կտակարանի մէջ արձանագրուած էին՝ Մեսիան երկինքէն պիտի գայ եւ Իր թագաւորութիւնը պիտի հաստատէ։ Երուսաղեմէն սկսեալ բոլոր ազգերուն խաղաղութիւն պիտի բերէ։ Բայց գրուած էր որ Ան առաջ Աստուծոյ տանջուող ծառան պիտի ըլլայ։
Աշակերտները չէին երեւակայեր որ երկուքը նոյն անձը կրնային ըլլալ։
Հետեւաբար Մեսիան եկաւ մեղքերուն փրկագինը վճարեց, մեղքը եւ մահը դատապարտեց, յարութիւն առաւ, Համբարձաւ եւ վերստին ետ պիտի գայ։
Տէր Յիսուս Մարգարէ մը կարելի չէ որ մեռնի Երուսաղէմէն դուրս' ըսելով աշակերտներուն հետ ճամբայ ելաւ։ Ճամբան Երուսաղէմին մօտը գտնուող Բեթանիա գիւղը հանդիպեցաւ։ Հոն Իր շատ սիրելի բարեկամը, չորս օր առաջ մեռած եւ քարայրի մը մէջ տեղադրուած էր։ Յիսուս անոր յարութիւն տուաւ։ Յետոյ ճամբան բոլորին ծանօթ կոյրի մը աչքերն ալ բուժեց։ Այս
լուրերը շուտով տարածուեցան։ Մարդիկ իմանալով Տէր Յիսուսի Երուսաղէմ մօտենալը, դիմաւորելու ելան։
ՅԱՂԹԱԿԱՆ ՄՈՒՏՔԸ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ
Երբ Երուսաղէմ մօտեցան ու եկան Բեթփագէ՝ դէպի Ձիթենեաց լեռը՝ այն ատեն Յիսուս իր աշակերտներէն երկուքը ղրկեց եւ ըսաւ անոնց. «Գացէք այդ ձեր դիմացի գիւղը եւ հոն պիտի գտնէք կապուած էշ մը ու անոր հետ աւանակ մը. արձակեցէք զանոնք ու ինծի բերէք։ Եթէ մէկը ձեզի բան մը ըսէ, ըսէք թէ ‘Տէրոջը պէտք են’. եւ շուտ մը զանոնք
պիտի ղրկէ»։
Այս ամէն բաները եղան, որպէս զի կատարուի մարգարէին խօսքը որ կ՚ըսէ. «Ըսէք Սիօնի աղջկան. ‘Ահա քու Թագաւորդ քեզի կու գայ, հեզ ու իշու վրայ հեծած եւ իշու ձագի, աւանակի, վրայ’։ Աշակերտները գացին եւ ինչպէս Յիսուս իրենց պատուիրեր էր՝ ըրին ու բերին էշն ու աւանակը, անոնց վրայ իրենց հանդերձները դրին ու նստաւ։
Ժողովուրդէն շատեր իրենց հանդերձները ճամբուն վրայ փռեցին եւ ուրիշներ ծառերէն ճիւղեր կը կտրէին ու ճամբուն վրայ կը տարածէին։ Ժողովուրդը առջեւէն ու ետեւէն կ՚երթար, կ՚աղաղակէին ու կ՚ըսէին. «Ովսա՛ննա, Որդի Դաւթի։ Օրհնեալ է ան որ Տէրոջը անունովը կու գայ. Ովսա՛ննա ի բարձունս»։
Երբ անիկա Երուսաղէմ մտաւ բոլոր քաղաքը շարժեցաւ ու ըսաւ. «Ո՞վ է աս»։ Շատեր ըսին. «Ասիկա Յիսուս Մարգարէն է Գալիլիայի Նազարէթէն»։
(Մատթէոս 21։1-11)
Տէր Յիսուս իր կեանքի ամէնէն փառաւոր օրը ապրեցաւ, հանրածանօթ դարձաւ, իր ժողովուրդի կողմէ մեծարուեցաւ։
Տէր Յիսուսը այսօր ալ պէտք է մեր տուներու, դպրոցներու, գործատեղիներու մէջ դիմաւորուի եւ մեր ձայնի բոլոր ուժովը փառաւորուի։
Էշը հոգեւոր գրականութեան մէջ մարդկային մարմնի խորհրդանիշն է։ Որովհետև էշը հնազանդ ու չարքաշ է։ Մենք ալ անոր նման պետք է Աստուծոյ գործին նուիրուինք։
Յիսուս լաւ գիտէր որ ժողովուրդը հինգ օր յետոյ Պիղստոսին առջեւ գալով իրեն համար "խաչ հանէ անինա ապրելու արժանի չէ' ըսելով պիտի գորայ։ Բայց հրաման չտուաւ որ գալիք օրերու նեղութիւնը այսօրուան վրայ ճնշէ։ Յիսուս այդ օրը ապրեցաւ եւ վայելեց։ Եւ մեզի ալ իր աղօթքով սորվեցուց "Զհաց մեր հանապազորդ տուր մեզ այսօր; Մեր ամենօրեայ հացը այսօր տուր։
Վաղուան մտահոգութիւնները, վաղուան պէտք է ըլլան, հոգ ընելով ոչ մէկ բան չենք կրնար փոխել։ Աստուած գիտէ մեր պէտքերը, եթէ կեանքը ուրախութիւն բերած է, պէտք է ապրինք։ "Օրուան հոգը, օրուան կը բաւէ'։
Յայտնութեան ուրիշ մէկ երեսն ալ Ղուկասի Աւետարանին մէջ կը պատմուի։
ՅԻՍՈՒՍ ՏԱՃԱՐԸ Կ՚ԵՐԹԱՅ
Յիսուս տաճար մտնելով՝ սկսաւ դուրս հանել անոր մէջ ծախողները եւ գնողները եւ ըսաւ անոնց. «Գրուած է թէ՝ ‘Իմ տունս աղօթքի տուն է’. բայց դուք ատիկա աւազակներու այր ըրիք»։
Ամէն օր տաճարին մէջ կը սորվեցնէր եւ քահանայապետներն ու դպիրները եւ ժողովուրդին գլխաւորները կ՚ուզէին կորսնցնել զանիկա։ Բայց բան չէին կրնար ընել, վասն զի բոլոր ժողովուրդը անոր կապուեր էր մտիկ ընելու։
(Ղուկաս 19։45-48)
Բոլոր աշխարհէն Հրեաներ տուրքը տալու եւ զոհ մատուցանելու համար տաճար կու գային։ Բայց անոնց դրամը պիղծ կը նկատուէր, պէտք էր որ մաքրուէր։ Այն պատճառով քահանայապետներուն հրաման տուած դրամափոխերը, դրամի միջնորդութեամբ այս գործը կ'ընէին։
Տէր Յիսուս անոնք եւ աշխարհի չորս կողմէն եկող ուխտաւորները տեսաւ, որոնք մաքուր սիրտով եկած էին, բայց այս իրարանցումին մէջ չէին կրնար աղօթել։
Մեր եկեղեցւոյ մէջ մոմավաճառութիւնը այսպիսի երեւոյթներ չի ստեղծեր։ Մոմը մեր կենդանի հաւատքի խորհուրդանիշն է։ Հարկաւ թէ Աստուած աստղեր ունի եւ մեր մոմերուն պէտութիւն չունի, բայց մոմը մեր Հօր տուած նուէրը՝ սիրոյ արտայայտութիւնն է։
Կը յուսամ որ Մեծ Պահքի շրջանը ձեզի համար արդիւնաբեր անցած է։ Ձեր կեանքերը ծոմապահութեամբ, Սուրբ Գիրքի ընթերցումներով, քարոզներ մտիկ ընելով հարուստացուցած նաեւ Տէր Յիսուս Քրիստոսին ոտքերուն առջեւ փռելու պատրաստած էք, որպեսզի Ինքը ձեր սիրտերէն ներս մտնէ։
Տէրը օրհնէ ձեր բոլորը
28 Մարտ 2021, Կիրակի
Информация по комментариям в разработке